2017-01-13 11:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը երիտասարդներուն` 2018-ի Սիւնհոդոսի ներկայացումին առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 13 յունուար 2017-ի կէսօրին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայացումը կատարուեցաւ 2018-ի հոկտեմբեր ամսոյն մէջ նախատեսուած Երիտասարդներուն հայող Եպիսկոպոսներու ԺԴ սովորական սիւնհոդոսի նախապատրաստական փաստաթուղթին։ Այս առիթով լոյս տեսաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նամակը` ուղղուած աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն որուն սկիզբը, Սրբազան Հայրը անոնց կը հաղորդէ թէ 2018-ի հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ սիւնհոդոս մը. որուն խորագիրը պիտի ըլլայ ''Երիտասարդները, Հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը''։

''Ուզեցի որ դուք ըլլաք ուշադրութեան կեդրոնը, որովհետեւ ձեր կը կրեմ սրտիս մէջ'' գրած է Սրբազան Քահանայապետը իր նամակին մէջ, յայտնելով թէ ''սիւնհոդոսի նախապատրաստական փաստաթուղթը'' կը հանդիսանայ սիւնհոդոսական գործընթացքին ուղեցոյց։

Ակնարկելով ապա Աստուծոյ` Աբրահամին ուղղած հրաւէրին ''Քու երկրէդ, քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի ցոյց պիտի տամ'' Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ այդ խօսքերը ուղղուած են ամէն մէկ երիտասարդին, Հօր մը հրաւէրն է  ''դուրս ելլելու'' եւ ձգտելու անյայտ ապագայի մը, որ սակայն ունի վստահելի իրագործումներ, որովհետեւ ''Ան ձեզի կ՛ընկերանայ'' – գրած է Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով երիտասարդները ունկնդրելու Աստուծոյ ձայնը որ կը հնչէ իրենց սրտերուն մէջ։  

Այդ ''գնա''յի հրաւէրը սակայն այսօր ունի տարբեր նշանակութիւն, դիտել տուած է ապա Նորին Սրբութիւնը, մատնանշելով այն երիտասարդներուն որոնք թիրախ են բռնութիւններուն եւ ստիպողական կերպով կը հեռանան իրենց ծննդավայրերէն, ու անոնց աղաղակը` Իսրայէլի ժողովուրդին նման  կը բարձրանայ դէպի Աստուած` ի տես Փարաւոնի ճնշումներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ կ՛ակնարկէ Յիսուսի Էմմաւուսի աշակերտներուն հետ ունեցած հանդիպումին ու այս վերջիններուս Տիրոջ ուղղած հարցումին  ''Ռաբբի` ո՞ւր կը բնակիս'' ու Յիսուսի պատասխանին ''Եկէք եւ տեսէք'' (Յովհ 1, 38-39), ու կը նշէ թէ Յիսուս այսօր եւս իր հայեացքը կը սեւեռէ ու իւրաքանչիւր երիտասարդ կը հրաւիրէ իր մօտ երթալու։

''Այդ հայեացքը տեսնել ու այդ ձայնը ունկնդրելը կարելի է այնքանով որ թոյլ կու տաք առաջնորդուիլ պատրաստակամ առաջնորդներէ ու ներքին զատորոշումէ` վերագտնելու համար Աստուծոյ ձեր կեանքին վերապահուած ծրագիրը'' գրած է Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ վստահեցնելով թէ ''նոյնիսկ եթէ ձեր կեանքը յատկանշուած ըլլայ անկումներով, գիտակից ըլլալու էք թէ Աստուած` իր անսահման ողորմութեամբ. միշտ իր ձեռքը կ՛երկարէ որպէսզի դուք կարենաք վերականգնիլ''։

Նամակի աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ անցեալ տարի նշուած Քրաքովիայի երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքին ու այդ հաւաքի ընթացքին երիտասարդներուն ''փոփոխութեան'' ի սպաս ստանձնած  յանձնառումին,  որ ''կը ծնի երիտասարդ սրտէն­, որ անարդարութիւն չի հանդուրժէր ու չուզեր հպատակիլ ''աւելորդի'' մշակոյթին եւ անտարբերութեան համաշխարհայնացումին'' ու այս առընչութեամբ կը հաստատէ թէ ''Աւելի լաւ աշխարհ մը կը կառուցի նաեւ ձեր աջակցութեամբ'' հրաւէր ուղղելով չվախնալ ունկնդրելու Սուրբ Հոգւոյն ձայնը որ կը յորդորէ քաջ ընտրանքներ կատարել։

''Եկեղեցին եւս կ՛ուզէ մտիկ ընել ձեր ձայնին, շօշափել ձեր փափկանկատութիւնը ու ձեր հաւատքը, նոյնիսկ ձեր կասկածներն ու ձեր քննադատութիւնները։ Լսելի դարձուցէք ձեր աղաղակը ու զայն հասանելի դարձուցէք հովիւներուն'' հրաւէր ու կոչ կ՛ուղղէ Նորին Սրբութիւնը նամակի վերջաւորութեան ապա կ՛ եզրափակէ բոլոր երիտասարդները յանձելով Նազարէթի Մարիամին, ''երիտասարդուհի մը, անոնց նման­, որուն Աստուած ուղղեց իր սիրալիր հայեացքը, որպէսզի Ան ձեր ձեռքէն բռնած ձեզ առաջնորդէ լիակատար ու վեհանձն ''Ահաւասիկ եմ''ի ուրախութեան։

Հայրական գորովով` Ֆրանչիսկոս

Տուեալ ի Վատիկան 13 Յունուար 2017-ին. 








All the contents on this site are copyrighted ©.